Ն.Ք.332 թուականներուն իր անկախութիւնը կը հռչակէ Արիարդհէս Ա. իբր Կապատովկիոյ առաջին թագաւորը: Այս թագաւորութիւնը իր իշխանութիւնը կը շարունակէ մինչեւ Ք.Յ.17: Թագաւորութեան մայրաքաղաքն էր Մազաքա: Քաղաքին անունը Արիարդհէս Ե.ի շրջանին փոխուած է եւ կոչուած՝ Էսէպիա, իսկ աւելի ետք, Հրովմէական Թագաւորի անունէն ներշնչուելով կոչուած է Սէզարի: Այն օրուընէ ի վեր ալ քաղաքը կը կոչուի Կեսարիա:
http://www.kayserikilisesi.org/arm/kayseri.asp