Յ.Ք. 193-211 թուականներու միջեւ քաղաքին մարզադաշտը կը կառուցուի: Ինչպէս բոլոր կարեւոր Հռովմէական քաղաքներուն մէջ, հոս եւս կը կազմակերպուէին են բազմաթիւ մրցումներ: Իսկ քաղաքին պարիսպները կառուցուած են Հրովմէական թագաւոր Կորտիանոս Գ. օրերուն (Յ.Ք. 241): Չորրորդ դարու սկիզբները ամբողջ ժողովուրդը քրիստոնէացած, իսկ քաղաքը՝ այս կրօնին կեդրոնը դարձած էր:
Երբ Հռովմ երկուքի կը բաժնուի, Կեսարիան կը մնայ արեւելեան կողմը եւ կը պատկանի Բիւզանդիոնին: Պարսկական եւ Արաբական արշաւանքներու ընթացքին, Կեսարիան բազմաթիւ անգամններ գրաւուած է:
http://www.kayserikilisesi.org/arm/kayseri.asp