Կեսարիոյ շրջակայքը գտնուող հնագոյն բնակչութեան վայրն է Գանիշ հողաբլուրը, որ կը գտնուի քաղաքին 20Քմ. հիւսիսարեւելքը: Այս հողաբլուրը Ն.Ք. 2800 թուականէն մինչեւ Հէլէնական շրջան միշտ կարեւոր եղած է եւ հոս գտնուած են հին Անագապղինձեան (Թունչ) շրջանէն, Ասորիներու (Ասուր) առեւտրական խումբերէն եւ Խէթերէն (Հիթիթ) բազմաթիւ վկայագրութիւններ:
Խէթերէն վերջ շրջակայքը Ֆրիկներուն իշխանութեան տակ կը մտնէ: Այդ թուականներուն ֆրիկներու իշխանութեան տակն էր նաեւ Ալիսը (Գըզըլըրմաք), սակայն Ն.Ք. 676 թուականին Կիմմէրները Փոքր Ասիա կու գան եւ կը գրաւեն Գանիշն ու Մազաքան:
Ժամանակի ընթացքին Գանիշ կը կորսնցնէ իր կարեւորութիւնը եւ Արճէշ (Էրճիյէս) լերան հիւսիսային ստորոտը գտնուող Մազաքան կը բարգաւաճի: Աւելի ուշ շրջաններուն Ասորիներ եւ Լիտիացիներ Կիմմէրները Փոքր Ասիայէն կը հեռացնեն: Մազաքան Լիտիացիներու եւ Մէտէրու իշխանութեան տակ կը մտնէ եւ կը դառնայ շրջանին կարեւորագոյն առեւտրական կեդրոնը:
Ն.Ք. 590 թուականին Պարսիկ (Փէրս) Թագաւոր Կիրոս պարտութեան կը մատնէ Լիտիոյ թագաւորը եւ այսպէսով, ինչպէս ամբողջ Փոքր Ասիան, Մազաքան եւս Պարսիկներու իշխանութեան կ’անցնի: Պարսկաստանէն գաղթող ժողովուրդը, կը հաստատուի Արճէշի շուրջը:
http://www.kayserikilisesi.org/arm/kayseri.asp